2015-01-12 09:52:13

Աշխարհի աւելի քան 50 ղեկավարներու մասնակցութեամբ`. Փարիզի մէջ Ֆրանսացիներու միասնականութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ ղատմական քայլարշաւ


17 զոհ պատճառած եռօրեայ ահաբեկչական յարձակումներէն ետք, աւելի քան 2,5 միլիոն ֆրանսացիներ երէկ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ մասնակցեցան միասնականութեան քայլարշաւի մը: Քայլարշաւին մասնակցեցան աշխարհի աւելի քան 50 ղեկավարներ, որոնք քալեցին թեւ թեւի անցած` իբրեւ միասնականութեան ցուցանիշ: Քայլարշաւին մասնակից օտար ղեկավարներուն շարքին էին Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ վարչապետները, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս: Մասնակցեցան նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Ժըպրան Պասիլ եւ Էդուարդ Նալբանդեան:
Քայլարշաւը ընթացք առաւ Փլաս տը լա Ռեփիւպլիքէն, ապահովական պատճառներով երկուքի բաժնուեցաւ, ապա վերամիացաւ աւարտին` Փլաս տը լա Նասիոնի մէջ:
Մասնակիցները բացագանչեցին «Ազատութիւն» եւ «Շարլի», ոմանք Ֆրանսայի դրօշը բարձրացուցած էին, իսկ ուրիշներ մեծ մատիտ մը, որուն կողքին գրուած էր. «Չեմ վախնար»: «Ես Շարլին եմ» կարգախօսը տիրական էր:
Փարիզի քայլարշաւին զօրակցական քայլարշաւներ տեղի ունեցան Լոնտոնի, Մատրիտի, Գահիրէի, Սիտնիի, Թոքիոյի, Պէյրութի եւ այլ քաղաքներու մէջ, ինչպէս նաեւ ֆրանսախօս տարբեր քաղաքներու մէջ:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ քայլարշաւէն առաջ յայտարարեց, որ «Փարիզը այսօր աշխարհի մայրաքաղաքն է»` աւելցնելով. «Ամբողջ երկիրը ոտքի պիտի կանգնի»:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ ահաբեկիչներուն իսկական կրօնը իսլամութիւնը չէ. անոնց միակ կրօնը բարբարոսութիւնն է` աւելցնելով, որ անոնք կրօնը իբրեւ պատրուակ կ՛օգտագործեն:
Ֆապիւս ընդգծեց, որ Ֆրանսան ազատութեանց երկիրն է, որ անոնց համար կը պայքարի` նշելով, որ վերջին ահաբեկչական իրադարձութիւնները միշտ պիտի յիշուին:
Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն յայտնեց. «Ծայրայեղականներուն ներկայացուցած վտանգը յառաջիկայ բազմաթիւ տարիներու ընթացքին պիտի մնայ մեզի հետ»:
Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Թոմաս տէ Մեզիեր յայտնեց, որ անհրաժեշտ է իսլամական կրօնին եւ քաղաքական իսլամութեան միջեւ տարբերակում մը դնել: Ան ըսաւ, որ պէտք է տարբերակում մը դնել իրենց ոճիրներն ու սպանութիւնները կրօնով արդարացնող եւ անիրաւութեան կոչ ուղղող իսլամականներուն եւ Գերմանիոյ մէջ բնակող իսլամներուն միջեւ, որոնք իրենց հաւատքը կ՛ապրին յարգելով երկրին սահմանադրութիւնը` աւելցնելով, որ վերջիններս ահաբեկչութեան հետ որեւէ կապ չունին:
Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Պեռնար Քազոնով յայտնեց. «Այսօր ամբողջ Ֆրանսան սուգի մէջ է»: «Ֆրանսան իր արժէքները ունի, եւ ահաբեկիչները որոշեցին այդ արժէքներուն դէմ յարձակում գործել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «ոստիկանական ուժերը եւս մեծ հարուածի ենթակայ դարձան, եւ բնական էր, որ այսօր զանոնք ողջունենք»:
«Ահաբեկչութեան երեւոյթը մեզ բոլորս կը հարուածէ եւ երկիրներուն միջեւ խտրութիւն չի դներ», նշեց ան: Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ «ահաբեկչութիւնը միջազգային եւ եւրոպական երեւոյթ դարձաւ»` աւելցնելով. «Աշխատանք պիտի տանինք Շենկենի համաձայնութիւնը բարեփոխելու` սահմանին վրայ հսկողութեան միջոցառումներ հաստատելու համար»:
Ան յայտնեց, որ վերջին դէպքերէն պէտք է դասեր քաղել, եւ «ահաբեկչութեան դէմ պիտի պայքարինք նոր ռազմավարութեամբ մը, որ անվտանգութիւն կը հաստատէ»` աւելցնելով. «Օտար ահաբեկիչ զինեալներուն եւ անոնց պատկանած կազմակերպութեանց դէմ պայքարիլը առաջնահերթութիւններէն մէկը կը նկատուի»:







All the contents on this site are copyrighted ©.